image

Պատրաստուիլ երկար պատերազմի. Սթոլթընպըրկէն սլաքներ՝ Ռուսիոյ 


Պատրաստուիլ  երկար  պատերազմի. Սթոլթընպըրկէն սլաքներ՝ Ռուսիոյ   


ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ կը կարծէ, որ Վլատիմիր Փութին կը նախապատրաստէ Ռուսիոյ տնտեսութիւնը երկարատեւ պատերազմի: Ան դաշինքի անդամներուն կոչ ըրած է պատրաստուելու Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ առճակատման, որ կրնայ տեւել տասնամեակներ, յայտնած է Welt am Sonntag թերթը:  

Ըստ աղբիւրին՝ ան յայտարարած է, որ ՆԱԹՕ-ի երկիրները պէտք է զինուին: Մասնաւորապէս, պէտք է աւելցնել եւ արագացնել պատուէրները եւրոպական պաշտպանական ընկերութիւններուն համար։ 

Ան նաեւ ընդգծած է, որ այս պահուն լաւագոյն պաշտպանութիւնը Ուքրանիոյ աջակցութիւնն է եւ ներդրումները ՆԱԹՕ-ի ռազմական կառոյցներուն մէջ: 

Ընդ որում՝ Սթոլթընպըրկ աւելցուցած է, որ դաշինքը չի ձգտիր Ռուսիոյ հետ պատերազմի: