ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրաժարած է Հռոմի մէջ կայանալիք G20-ի գագաթաժողովին անձամբ մասնակցելէ:
Հիւրընկալող երկրի վարչապետ Մարիօ Տրակիի հետ զրոյցին ընթացքին պետութեան ղեկավարը պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու լիագումար նիստերուն՝ տեսակապի միջոցով: Նախապէս Փութին յայտնած էր, որ միջազգային գագաթաժողովներուն մասնակցիլը կը վտանգէ մեծ թիւով մարդոց կեանքը. խօսքը այն մարդոց մասին է, որոնք կ'ուղեկցին իրեն իր ճանապարհորդութիւններուն:
«Սա իմ մասին չէ», ըսած է նախագահը՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ ճի՞շդ է, որ ան կը խուսափի միջազգային հանդիպումներուն մասնակցելէ, քանի որ կը վախնայ Գորոնա ժահրով վարակուելէ: