Վրաստանի հետ օդային հաղորդակցութեան բացումն իմ անձնական առաջարկն ու որոշումն էր։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին։
«Ես կը կարծէի, որ անոնք շնորհակալութիւն կ'ըսեն: Ոչ։ Այս հարցի շուրջ որոշակի աղմուկ բարձրացաւ։ Շատ տարօրինակ եւ, անկեղծ ըսած, անսպասելի: Լրիւ խե՞նթ էք։ Պարզ չէ, թէ ինչ կը կատարուի այնտեղ»,- ըսած է ՌԴ նախագահը։