image

Փութին կը փափաքի վերստեղծել ռուսական կայսրութիւնը. Շոլց

Փութին կը փափաքի վերստեղծել ռուսական կայսրութիւնը. Շոլց

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի գործողութիւնները կը սպառնան Եւրոպայի անվտանգութեան, ան կը փափաքի վերստեղծել ռուսական կայսրութիւնը, Պունտեսթկի մէջ ելոյթի ժամանակ յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետը:

Անոր խօսքով` Եւրոպան չի կրնար թոյլ տալ, որ «Փութինի եւ ազատ աշխարհի այս հակամարտութիւնը բանայ հին վէրքերը եւ բերէ նոր ցնցումներու»:

Շոլց նշած է, որ Եւրոպայի մէջ երկարաժամկէտ անվտանգութիւնը առանց Ռուսաստանի անհնար է, սակայն «Փութինը տեսանելի ապագային կը վտանգէ այդ անվտանգութիւնը»:

Գերմանիոյ վարչապետը յայտարարած է նաեւ Գերմանիոյ մէջ բնական կազի երկու վերջակայաններու կառուցման մասին` ի պատասխան Ուքրանիոյ ռուսական ներխուժման եւ ռուսական բնական կազէն կախուածութեան: Շոլց համոզուած է, որ վերջակայաններու կառուցումը` հեղուկ կազ ստանալու համար, պիտի նպաստէ Ռուսաստանէն իր ուժանիւթային անկախութեան մեծացման: