image
Հրատապ լուրեր:

Փութին կը ձգտի սահմանները վերագծելո՞ւ

Փութին կը ձգտի սահմանները վերագծելո՞ւ

Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ ու գլխաւոր խորհրդական Իպրահիմ Քալըն անդրադարձած է Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին: Մասնաւորապէս, պատասխանելով հարցին, թէ ինչ դիրք կը զբաղեցնէ Թուրքիան ուքրանական ճգնաժամին մէջ, Քալըն յայտնած է, որ 21-րդ դարը պետութիւնները կանգնեցուցած է նոր բարդ խնդիրներու առաջ, եւ նշած է, որ սկզբունքները պէտք է որոշուին ժամանակաշրջանին համապատասխան:

Իպրահիմ Քալըն յայտնած է, որ այս ծիրին մէջ Մոսկուային լսելը հրամայական է, եւ որ Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցները ոչ մէկ օգուտ կու տան: Ըստ Քալընի` անհրաժեշտ է լսել Ռուսաստանին եւ հասկնալ անոր ռազմավարական մտահոգութիւնները: «Փութին կը ձգտի վերագծելու սահմանները եւ նորացնելու իր ռազմավարական դաշինքները Խորհրդային Միութեան փլուզումէն 30 տարի անց», ըսած է ան:

Խօսելով Ուքրանիոյ անօդաչու թռչող սարքերու վաճառքի ու ՆԱԹՕ-ի հետ յարաբերութիւններու մասին` Քալըն ըսած է, որ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի կարեւոր անդամ է: «ՆԱԹՕ-ն ամենայաջող եւ ամենակարեւոր ռազմական դաշինքն է, որ երբեւէ տեսած է աշխարհը, եւ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի առանցքային անդամն է», նշած է ան` ընդծելով, որ այդ չի նշանակեր, որ Թուրքիան պիտի չհամագործակցի այլ դաշինքներու հետ Կեդրոնական Ասիոյ, Կովկասի, Մերձաւոր Արեւելքի ու Ափրիկէի մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի չփորձէ լաւ յարաբերութիւններ պահպանել Ռուսաստանի ու Չինաստանի հետ: