image

Փութին կ՚ըսէ, թէ Ռուսական բանակը կը պայքարի քանի մը ճակատներով

Փութին կ՚ըսէ, թէ Ռուսական բանակը  կը պայքարի քանի մը ճակատներով
Ռուսիոյ զինուած ուժերը յարձակողական գործողութիւններ կ'իրականացնեն բոլոր ուղղութիւններով, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ «Ռուսիա-1» հեռուստաընկերութեան եթերով՝ «60 րոպէ» հաղորդաշարի ծիրէն ներս։

«Շփման գիծի ողջ երկայնքով կ'ընթանան յարձակողական գործողութիւններ՝ տարբեր ուժգնութեամբ։ Օրինակ՝ Խերսոնի ուղղութեամբ` քիչ աշխուժութեամբ, որովհետեւ այնտեղ իրավիճակը կայուն է, առաջխաղացումներ եղած են։ Ընդհանրապէս՝ բոլոր տեղաշարժերը յօգուտ ռուսական բանակի են»,- ըսած է Փութին:

Ան նշած է, որ Ռուսիոյ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու առաջխաղացման կը նպաստեն «ժամանակակից սարքեր կիրառելու,  հակառակորդի կողմէ նոյնպիսի սարքեր կիրառումի արագ արձագանգելու կարողութիւնները եւ կուտակուած փորձը»։