Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման արդիւնքները քննարկուած են Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հեռախօսազրոյցի ընթացքին։
Քրեմլինէն յայտնած է, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուած են 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի եռակողմ հանդիպման արդիւնքները։
Ինչպէս արդէն հաղորդուած է, նախօրէին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հետ Փութինի երկկողմ եւ եռակողմ ձեւաչափերով բանակցութիւնները։ Փութինի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի բանակցութիւններէն ետք համատեղ յայտարարութիւն ընդունուած է: