Թուրքիա կը ծրագրէ աւելի քան 1000 զինուորական ուղարկել Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջան՝ Իտլիպ նահանգին մէջ վերահսկողութեան մակարդակը բարձրացնելու նպատակով:
Ըստ թուրք պաշտօնատարներու, Անգարան այսպիսով կը փափաքի կանխել սուրիացի փախստականներու հոսքը, որ, ըստ թրքական կողմին, մեծցած է վերջին ամիսներուն:
Լրացուցիչ ուժերը Իտլիպ կ'ուղարկուին Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահներ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի, Վլատիմիր Փութինի եւ Իպրահիմ Ռայիսիի հանդիպման ընդառաջ, որ պէտք է տեղի ունենայ 29 Սեպտեմբերին: