image
Հրատապ լուրեր:

Փութին դէպի Թուրքիա՞

Փութին դէպի Թուրքիա՞

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը Փետրուարի երկրորդ կէսին կրնայ ըլլալ այցելէ Թուրքիա:

Ըստ աղբիւրներուն, այցը, որուն ամսաթիւը յայտնի պիտի դառնայ Փեքինի Ողիմպիական խաղերէն յետոյ, պիտի կայանայ Փետրուարի երկրորդ կէսին: 

Աւելի վաղ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի այցը Թուրքիա հնարաւոր է Փեքինի Ողիմպիական խաղերու բացման անոր այցէն յետոյ: Ռուսաստանի նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով ըսած է, որ Փութին պիտի օգտուի նախագահ Էրտողանի` Թուրքիա այցելելու հրաւէրէն, երբ այդ թոյլ տան համաճարակաբանական իրավիճակը եւ նախագահին աշխատանքային ժամանակացոյցը: