Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն վերաբերող հարցեր քննարկած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Տեղեկութիւնը յայտնած է Քրեմլինի մամուլի ծառայութիւնը։
«Հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու գործնական իրականացման որոշ հարցերու, որոնք մասնաւորապէս կապուած են ատրպէյճանա-հայկական սահմանի անվտանգութեան ապահովման հետ»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: