Կիրակի օր Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն (ՏԻՄ) մեր հայրենակից արմատներով՝ Մուսալեռցի Արի Հապէշեան գրանցած է երեւելի յաջողութիւն եւ ընտրուած Նիկոսիոյ Սթրովոլոս շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Նիկոսիոյ իր աղբիւրէն։
Նշենք, որ Արի Հապէշեան կիպրական «ՏԻՊԱ» կուսակցութեան երիտասարդականի հիմնադիր անդամ է ու նաեւ Կիպրոսի Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու ամպիոնէն շրջանաւարտ։
Ճիշդ ամիս մը առաջ կարճ հաղորդագրութեամբ մը իր հայրենակիցներուն դիմելով Հապէշեան մասնաւորապէս ըսած էր՝
«Ծնած ու հասակ առած եմ Նիկոսիոյ Սթրովոլոս արուարձանին մէջ ուր նաեւ այժմ կը բնակիմ: Բոլորս կը փափաքինք մեր քաղաքը յառաջդիմութեան ու զարգացումի մէջ տեսնել, որու որպէս արդիւնք, կը հաւատամ թէ բոլորս պիտի բարելաւենք մեր կենսամակարդակը:
Որպէս երկրիս ու հայրենակիցներուս նկատմամբ տեսլականներ ունեցող երիտասարդ քաղաքացի, կը փափաքիմ, իմ մարզէս ներս, դերակատար դառնալ բոլորիս յառաջդիմութեան` նոր գաղափարներ ու գործնական լուծումներ առաջարկելով:
Յոյս ունիմ որ պիտի կարենամ առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալ հայ համայնքիս ու համաքաղաքացիներուս, զրուցելով եւ գաղափարներ փոխանակելով, որպէսզի արդիւնաբեր ու շինիչ երկխօսութեան մը ընդմէջէն հանգինք ընդհանուրիս ընդունելի եւ իրագործելի տեսլականի մը, հաւատալով որ մեզի պիտի առաջնորդէ դէպի առողջ ապագայ:
Բոլորիս պարտականութիւնն է ամէն գնով մեր ապրած միջավայրը պահպանել եւ զայն արդիականացնել, ի նպաստ ընդհանուրիս հաւաքական կեանքին ու բարեկեցութեան»։
Այս առթիւ յաջողութեան մեր մաղթանքները կը յղենք Արի Հապէշեանին, ինչպէս նաեւ անոր ընտանեաց պարագաներուն ու բարեկամներու եւ ի մասնաւորի Կիպրոսի Քահանայաց դասու միաբան՝ Արժ. Տ. Մոմիկ քհնյ. Հապէշեանին։