2022-ի Ապրիլ 26-ին ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն ստացուած է 2020-ի Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի ընթացքին զոհուած զինուորները քրէական գործով որպէս տուժող ճանչնալու վերաբերեալ զոհուած զինուորներու շարք մը ծնողներու, հարազատներու միջնորդութիւնը, որ բաւարարուած է:
Մասնաւորապէս, նկատի ունենալով, որ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան նախկին պետ Մովսէս Յակոբեանի հարցազրոյցի հիման վրայ ՀՀ ՅՔԾ-ի մէջ 2020-ի Նոյեմբեր 21-ին ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 308-րդ յօդուածի 2-րդ մասով յարուցուած, ինչպէս նաեւ անոր միացուած` Արա Զոհրաբեանի հաղորդման հիման վրայ յարուցուած քրէական գործով քննութեան առարկայ են պատերազմէն առաջ եւ անոր ընթացքին ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու կողմէ հնարաւոր կատարուած այնպիսի արարքներ, որոնք բացասական նշանակութիւն ունեցած են զինուած ուժերու մարտունակութեան հարցով եւ ազդել պատերազմի արդիւնքին վրայ, իսկ դատավարութեան մասնակից ճանչնալու վերաբերեալ ստացուած պահանջի համաձայն` անոնց կից ցուցակին մէջ նշուած անձեր զոհուած են Արցախի մէջ տեղի ունեցած պատերազմի ընթացքին` քրէական վերոնշեալ գործով հսկողութիւն իրականացնող դատախազը գրաւոր ցուցում տուած է վարոյթը իրականացնող մարմնին (ՀՀ հակափտածութիւն կոմիտէի քննիչին) զոհուած զինուորները ճանչնալ տուժող, իսկ պահանջ ներկայացուցած անոնց ծնողներուն, հարազատներուն` տուժողի իրաւայաջորդ:
Բացի այդ, Ապրիլ 26-ին ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն ստացուած է նաեւ առանձին պահանջ` 2020թ. արցախեան պատերազմի աղէտալի հետեւանքներուն յանգեցուցած պատճառներու հանգամանքներուն վերաբերեալ ՀՀ հակափտածութիւն կոմիտէին մէջ միացուած վարոյթով քննուող վերոնշեալ քրէական գործով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 299-րդ յօդուածի 1-ին մասով, 308-րդ յօդուածի 2-րդ մասով եւ 309-րդ յօդուածի 3-րդ մասով որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու վերաբերեալ:
Հսկող դատախազին կողմէ այս միջնորդութիւնը ուղարկուած է վերը նշուած նոյն գործով վարոյթը իրականացնող քննիչին` ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 102-րդ եւ 199-րդ յօդուածներով սահմանուած կարգով քննարկելու նպատակով:
ՀՀ դատախազութիւնը բոլոր միջոցները պիտի գործադրէ` մասնաւորապէս 2020թ. աղէտալի պատերազմին առնչուող քրէական գործերով դատավարութեան բոլոր մասնակիցներու, այդ շարքին նաեւ տուժողներու եւ տուժողներու իրաւայաջորդներու դատավարական իրաւունքներու լիարժէք իրացումը երաշխաւորելու նպատակով, ինչի շրջանակներուն մէջ մշտապէս բաց է արդիւնաւէտ հաղորդակցութեան համար:
Միաժամանակ, կը յիշեցնենք, որ քրէական գործերու քննութիւնը, անոր օրինականութեան նկատմամբ դատախազական հսկողութիւնը, այդ շրջանակներուն մէջ կայացուող դատավարական որոշումները կը կատարուին բացառապէս օրէնքով սահմանուած կարգով եւ չեն կրնար կախուած ըլլալ հանրային գործընթացներէն: Անթոյլատրելի են իրաւական դաշտէն դուրս գտնուող որեւէ գործօնով պայմանաւորուած` քննութիւններուն ընթացին վրայ ազդեցութիւն գործադրելու հրապարակային կոչերը: Անոնք չեն բխիր իրաւական պետութեան սահմանադրական հիմունքներէն եւ քրէական արդարադատութեան շահերէն: