image

Փաշինեան-Ռայիսի հեռախօսազրոյց՝ սահմանազատման թեմայով

Փաշինեան-Ռայիսի հեռախօսազրոյց՝ սահմանազատման թեմայով

Տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի միջեւ: Վարչապետ Փաշինեան նախագահ Ռայիսիի հետ տպաւորութիւններ եւ տեղեկութիւններ կիսած է Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպման վերաբերեալ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են, մասնաւորապէս, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման աշխատանքներուն մեկնարկին, ԼՂ հարցի կարգաւորման ընթացքին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն մասին:

Քննարկուած են նաեւ երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած են Հայաստան-Իրան երրորդ ելեկտրագծի, Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման, ուժանիւթի ոլորտին վերաբերող հարցերը: Զրուցակիցները վերահաստատած են պաշտօնական այց կատարելու միմեանց ուղղուած հրաւէրները եւ պայմանաւորուած, որ փոխադարձ այցեր պիտի ունենան երկու երկիրներու մայրաքաղաքներ: