image

Փաշինեան-Պլինքըն-Ֆոն տեր Լեյէն հանդիպումը չի կրնար յանգեցնել մագլցումի. ԱՄՆ Արտաքին գործոցը՝ Պաքուին

Փաշինեան-Պլինքըն-Ֆոն տեր Լեյէն հանդիպումը չի կրնար յանգեցնել մագլցումի. ԱՄՆ Արտաքին գործոցը՝ Պաքուին

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիւ Միլլըր յայտարարած է, որ ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Փաշինեան-Պլինքըն-Ֆոն տեր Լեյէն հանդիպումը պէտք է կեդրոնանայ Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութեան վրայ։ Այս մասին ճեպազրոյցին ըսած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիւ Միլլըրը:

Միլլըր չէ բացառած, որ հանդիպման քննարկուին նաեւ հայ-ատրպէյճանական խնդիրները:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը համակարծիք չէ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան հետ առ այն, որ ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք հանդիպումը ակնյայտօրէն միակողմանի է, կանխակալ եւ հիմնուած երկակի չափանիշերու վրայ։ 

«Այս հանդիպման առանցքը Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութիւնն է, որ պիտի օգնէ Հայաստանին բազմազանեցնել իր առեւտրային գործընկերութիւնները եւ լուծել մարդասիրական կարիքները: Ես չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչու այդ կրնայ յանգեցնել մագլցումի կամ անհանգստացնել աշխարհի որեւէ երկիր», -մարտ 27-ին կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Միլլըր: