Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Մոսկուա։ Այս մասին Փրակայի անդրաթլանթեան յարաբերութիւններու կեդրոնէն ներս հանդիպման ժամանակ յայտարարած է ինքը՝ Փաշինեանը։
Վարչապետը չէ յստակեցուցած, թէ ինչ օրակարգով կ'երթայ Ռուսիա եւ ինչ հանդիպումներ նախատեսուած են։
Ան աւելցուցած է, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դեռ պէտք է քննարկէ իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
«Սակայն մենք դա չենք տեսնում։ Պէտք է լուրջ քայլեր ձեռնարկուէին, ինչը չեղաւ։ Բայց դա չի նշանակում, որ մենք չպէտք է շարունակենք աշխատել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդի անդամների հետ»,-ըսած է ան։