Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Վարչապետի աշխատակազմէն յայտնած են, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ճգնաժամի յաղթահարման ծիրէն ներս ՀՀ վարչապետը կարեւորած է Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան կողմէ հետեւողական քայլերու իրականացումը:
Քննարկուած են 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի յունուար 11-ի, նոյեմբեր 26-ի եւ 2022 թուականի հոկտեմբեր 31-ի՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացման, այդ շարքին՝ տարածաշրջանային փոխադրային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցեր:
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու եւ տեղի ունեցող այլ զարգացումներու շուրջ: