Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին եւ ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած են: ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Քրեմլինի կայքը:
«Շարունակուած է կարծիքներու փոխանակումը 2020-ի Նոյեմբեր 9-ին, 2021-ի Յունուար 11-ին եւ Նոյեմբեր 26-ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութիւններով ամրագրուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման գործնական տեսակէտներու վերաբերեալ, ներառեալ հայ-ատրպէյճանական սահմանին կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման հարցերը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Բացի այդ, առաջնորդներու զրոյցին ընթացքին շօշափուած են երկկողմանի օրակարգի որոշ արդիական թեմաներ: