image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան-Փութին՝ հեռախօսազրոյց

Փաշինեան-Փութին՝ հեռախօսազրոյց

Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռախօսազրոյցը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որու ընթացքին Հայաստանի ղեկավարը տեղեկացուցած է 18 փետրուարի Միւնիխի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման, ինչպէս նաեւ այլ օտարերկրեայ գործընկերներու հետ իր զրոյցներուն մասին։

Ինչպէս կը հաղորդէ Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը, քննարկուած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու փաթեթի գործնական իրականացման հարցեր՝ տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման նպատակով։ Անդրադարձ եղած է նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին։ Այս հարցի շուրջ շփումները տարբեր մակարդակներով կը շարունակուին։