image

Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց. Պարզաբանուած է Եւրոմիութեան հետ կապուած իրադրութիւնը 

Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց. Պարզաբանուած է Եւրոմիութեան հետ կապուած իրադրութիւնը 

Տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան արդիւնքները, առաջիկայ ընելիքները ԵԱՏՄ շրջածիրէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ռուսիա երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցեր:

Քրեմլի մամուլի ծառայութենէն յայտնած են, որ հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ։

«Որպէս Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի 2024 թուականի դեկտեմբերին կայացած նիստի շարունակութիւն քննարկուած են համարկային համագործակցութեան հետագայ խորացման որոշ ընթացիկ հարցեր, առաջին հերթին ուժանիւթի ոլորտին մէջ։ Նշուած են Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջածիրէն ներս համատեղ աշխատանքի արդիւնքով զգալի գործնական օգուտները, այդ շարքին՝ Հայաստանի տնտեսութեան համար։

Նիկոլ Փաշինեանը պարզաբանած է Եւրոպական միութեան հետ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս Երեւանի վերջին քայլերու հետ կապուած իրավիճակը։ Ռուսիոյ Դաշնութեան ղեկավարը տուած է համապատասխան մեկնաբանութիւններն ու գնահատականները»,- նշուած է մամուլի հաղորդագրութեան մէջ։