Արձակուրդի մէջ գտնուող ՀՀ վարչապետ, ՔՊԿ վարչութեան անդամ Նիկոլ Փաշինեանը վաղը պիտի այցելէ Աբովեան:
Ժամը 19։00-ին նախատեսուած է մեծ երթ՝ ի աջակցութիւն Աբովեանի քաղաքապետի ՔՊԿ-ի առաջադրած թեկնածու Գրիգոր Գուլեանի։
Աբովեանի մէջ քաղաքապետի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2019-ի 9 յունիսին. համայնքի ղեկավարի պաշտօնին կը յաւակնի 6 թեկնածու։
Անոնցմէ միայն մէկը կուսակցական՝ ՔՊ-ն ներկայացնող Գրիգոր Գուլեանը. միւս 5-ը անկուսակցական են, այդ շարքին՝ գործող քաղաքապետ Վահագն Գէորգեանը։