ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով ժամանած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն` Փարիզ:
Վարչապետի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան կազմին մէջ են` արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը, առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանը, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնէլ Սանոսեանը, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարի տեղակալներ` Արայիկ Խզմալեանը, Արթուր Մարտիրոսեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Այցի ծիրին մէջ վարչապետը Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այնուհետեւ երկու երկիրներու առաջնորդները Փարիզի մէջ պիտի մասնակցին «Յաւակնութիւններ` Հայաստան-ֆրանսա» խորագրով համաժողովին:
Միջոցառման ընթացքին Հայաստանի ու Ֆրանսայի կառավարութիւններու անդամները պիտի քննարկեն տարբեր ոլորտներում մէջ փոխգործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման վերաբերող հարցեր: Համաժողովին ելոյթներ պիտի ունենան վարչապետ Փաշինեանը եւ նախագահ Մաքրոնը: