Ֆրանսայի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Թիերի Պուրքհարտ եւ բրիտանական զինուած ուժերու պաշտպանութեան շտապի պետ Թոնի Ռատաքին Քիեւի մէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ քննարկած են ռազմական գործողութիւններու աւարտէն յետոյ խաղաղութեան ապահովման հնարաւորութիւնը։
Պուրքհարտ շաբաթ օր՝ 5 ապրիլին, յայտնած է, որ քննարկուած է միջազգային խաղաղապահ ուժերու հնարաւոր տեղակայման հարցը, հաղորդած է AFP-ն։
«Միասին մենք կը փափաքինք երաշխաւորել կայուն եւ յուսալի խաղաղութիւն Ուքրանիոյ մէջ, որ եւրոպական ցամաքամասի անվտանգութեան ամենակարեւոր պայմանն է»,- գրած է Պուրքհարտ X ընկերային ցանցին վրայ։
Անոր խօսքով, իրենք նաեւ քննարկած են ուքրանական բանակի ձեւին վերականգնման եւ վերափոխման երկարաժամկէտ ռազմավարութիւնը, որ «երկրի անվտանգութեան հիմնական երաշխիքն է»։ Քննարկուած են նաեւ Փարիզի եւ Լոնտոնի քայլերը՝ «Ուքրանիոյ աջակցելու համար հրադադարէն անմիջապէս յետոյ», աւելցուցած է Ֆրանսայի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի ղեկավարը։
Ինչպէս նշած է AFP գործակալութիւնը, Պուրքհարտն ու Ռատաքինը, բացի Զելենսքիի հետ տեսնուելէ, բանակցութիւններ վարած են նաեւ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Ալեքսանդր Սիրսքիի եւ պաշտպանութեան նախարար Ռուստեմ Ումերովի հետ։