image

Փարիզի մէջ. «Դպրո­ցասէր» վարժարանի ամա­վեր­ջի հան­դէ­սը

Փարիզի մէջ. «Դպրո­ցասէր» վարժարանի ամա­վեր­ջի հան­դէ­սը

Փա­րիզեան շրջա­նի Ռեն­սի քա­ղաքը մէջ, օրերս տեղի ունեցած են «Դպրո­ցասէր» հայ­կա­կան վարժարանի ամա­վեր­ջի հան­դէսը եւ շրջա­նաւարտնե­րու վկա­յա­կան­նե­րու բաշ­խումի արա­րողու­թիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզ հրապարակուող «Նոր Յառաջ»էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Յու­նիս 30-ին, Փա­րիզեան շրջա­նի Ռեն­սի քա­ղաքը գտնուող «Դպրո­ցասէր» հայ­կա­կան վարժարանի ամա­վեր­ջի հան­դէսն էր եւ շրջա­նաւարտնե­րու վկա­յա­կան­նե­րու բաշ­խումի արա­րողու­թիւնը։ Ներ­կայ էին Ֆրան­սա­յի թե­մի առաջ­նորդ Գրի­գոր վրդ. Խա­չատ­րեան, Հա­յաս­տա­նի դես­պան Յաս­միկ Տոլ­մա­ջեան, Ռեն­սիի մեր­ձա­կայ Լիվրի-Կար­կա­նի քա­ղաքա­պետ Փիէր Իվ-Մար­թէն, Ռեն­սիի քա­ղաքա­յին խոր­հուրդի ան­դամներ, աշա­կերտներ, ծնող­ներ։

Տի­կին Տոլ­մա­ջեան ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւորե­լով շրջա­նաւարտ­նե­րը, անոնց մաղ­թեց ամե­նայն յա­ջողու­թիւն իրենց հե­տագայ ու­սումնա­ռու­թեան մէջ։ Ան նաեւ երախ­տա­գիտու­թիւն յայտնեց «Դպրո­ցասէր»-ի տնօ­րէն Հայկ Սարգսեանին, ու­սուցիչ­նե­րուն, ինչպէս նաեւ դպրո­ցի հո­գաբար­ձունե­րու խոր­հուրդին՝ յան­ձին նա­խագահ Աղաւ­նի Սա­րիքա­յայի, իրենց ազ­գա­նուէր գոր­ծունէու­թեան հա­մար, ընդգծե­լով Ֆրան­սա­յի ամէ­նէն հին հայ­կա­կան կրթօ­ճախը հան­դի­սացող «Դպրո­ցասէր»-ի կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւնը հա­յապահ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ։