image

Փարիզ Պիտի Նշէ «Շարլի Հէպտո» Թերթի Վրայ Յարձակման Առաջին Տարելիցը

Փարիզ Պիտի Նշէ «Շարլի Հէպտո»  Թերթի  Վրայ Յարձակման Առաջին Տարելիցը

 Փարիզ  կը պատրաստուի նշել   «Շարլի Հէպտո»  պարբերականի  խմբագրատան  վրայ  տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակման առաջին տարելիցը: Այս  մասին կը հաղորդէ  ԱՖՓ  լրատուական  գործակալութիւնը,  որ նաեւ կը  հաղորդէ, թէ   պարբերականը     Չորեքշաբթի օր լոյս տեսնելիք իր թիւը ամբողջութեամբ  նուիրած  է  ահաբեկչական  գրոհին զոհ  գացած 12 լրագրողներու յիշատակին:  Թերթը պիտի տպագրուի 1 Միլիոն օրինակով եւ անոր ճակատին վրայ եղած երգիծանկարով թերթի պատասխանատուները      իրենց բողոքը պիտի  արտայայտեն այն մասին, որ  տարի մը անց       յարձակման   հեղինակ ահաբեկիչները  ցարդ չեն ձերբակալուած: Նշենք, որ  անցնող տարուան 7  Յունուարին  կատարուած յարաձկումին հետեւանքով զոհուած էին  թերթի  ամէնէն    առաջատար լրագրողները: