image

Նոր ընտրուած Եւրոխորհրդարանը ընդունած է Ուքրանիոյ աջակցող առաջին բանաձեւը. Ծայրայեղ աջերը դէմ քուէարկած են

Նոր ընտրուած  Եւրոխորհրդարանը  ընդունած է Ուքրանիոյ աջակցող առաջին բանաձեւը. Ծայրայեղ աջերը դէմ քուէարկած են

Նոր գումարման Եւրոխորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ՝ 495 կողմ, 137 դէմ, 47 ձեռնպահ յարաբերութեամբ ընդունած է առաջին բանաձեւը՝ Ուքրանիոյ աջակցութեան վերաբերեալ:

Եւրոպացի պահպանողականներն ու ռեֆորմիսթները կողմ արտայայտուած են բանաձեւին, սակայն ծայրայեղ աջ «Հայրենասէրներ յանուն Եւրոպայի» եւ «Ինքնիշխան ազգերու Եւրոպա» խումբերու պատգամաւորները դէմ քուէարկած են փաստաթուղթին։

Բանաձեւը կը հաստատէ Ուքրանիոյ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելու հանձնառութիւնը «այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ ըլլայ յաղթանակն ապահովելու համար»։

Փաստաթուղթի համաձայն՝ ԵՄ անդամ երկիրները մինչ օրս Ուքրանիոյ տրամադրած են ընդհանուր առմամբ մօտ 108 միլիառ եւրօ, որու մէկ երրորդը ռազմական օգնութիւն է։ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները կողմ արտայայտուած են նաեւ Ուքրանիոյ մատակարարուող արեւմտեան զէնքով Ռուսիոյ ռազմական կառոյցներու թիրախաւորման սահմանափակումներու վերացման։