Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւնները փակուղի մէջ չեն, բայց այդ չի նշանակեր, որ հերթական սադրանք ընելու համար Ատրպէյճանի համար այն կրնայ զսպող գործիք ըլլալ: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը:
«Հակառակը՝ բանակցութիւնների մէջ ստեղծուած իրականութիւնը կարող է յատուկ արուած լինի, որպէսզի օգտագործուի որեւիցէ սադրանիք իրականացնելու համար»,-նկատած է Սիմոնեան:
Վերջինս նշած է, որ անկախ բանակցութիւններու բովանդակութենէն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամենօրեայ ռեժիմով կը զբաղի ՀՀ պաշտպանունակութիւնը բարձրացնելու գործով:
Ինչ կը վերաբերի խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն, ապա Սիմոնեան նշած է, որ այս հարցով հիմնական դերակատարը կը մնայ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, սակայն կան նաեւ նախաձեռնութիւններ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կողմէ: