Մինչ Լիբանանի տնտեսական պատկերը օրըստօրէ աւելիով կը գորղանայ անդին քաղաքական ոլորտի մեծխօսիկ «առաջնորդներ»ը կը շարունակեն իրենց «պազար»ները եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը հետամուտ է հրկիզման եզրին հասած Լիբանանի մէջ, իր եսի ձայնը լսելի դարձնել ու իր աթոռի անվտանգութիւնը ապահովել։
Տխո՜ւր, տխո՜ւր Լիբանան...
Շաբաթ յետմիջօրէի ժամերուն Պէյրութի մէջ տոլարի սակագինը մեծ ցատկ մը կատարելով հատեց 44.000-ի շէմը։
Մինչ այդ կը կարծուէր, որ ամերիկեան տոլարի սակագինին համար հազարի շէմը արդէն «կարմիր գիծ» մըն է, սակայն այդ ենթադրութիւնը դարձած է անտեղի եւ անցեալին պատկանող դրոյթ մը։
Խնդիրն այն է, որ երկրին մէջ քաղաքական լուծումներու հեռնակարին կամ այդ հեռնանկարի յոյսին իսկ չգոյութեամբ Լիբանանի դրամային ոլորտի «կէտ ձուկեր»ը կը պարտադրեն իրենց հին-նոր խաղը։
Անոնք օրն ի բուն գումարային մեծ շահեր կ՚ապահովեն ու նաեւ մեծ հարուած կու տան երկրի ելեւմտական ոլորտին վրայ։
Այս տատանումները աւելիով կը շիկացնեն երկրի տնտեսական տագնապը եւ կարգ մը պարագաներու ալ քաղաքացիներուն կը պատճառեն լուրջ խնդիրներ։ Սովորական պէտքերու կողքին մեծ տատանուներու կ՚ենթարկուին առողջապահական, կրթական, ընկերային, եւ առեւտրական բոլոր ոլորտները։
Այս բոլորէն անդին տխուրը ստեղծուած վիճակը չէ միայն այլ նաեւ վաղուան առընթեր առկայ անորոշութիւնները եւ մեծ սոսկումները, որ ամերիկեան տոլարը կրնայ հատել 50 հազարի շէմը ու անկէ ետք ալ ընթացք առնելիք գահավիժումը կրնայ դառնալ անկասելի։