Պէյրութի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան մահացած է Լիբանանի Օգնութեան Խաչի նուիրեալ անդամներէն ՝ Երանուհի Մանիսճեանը։
Հանգուցեալը երկար տարիներ եղած է անդամ Լ.Օ.Խ.ի «Անի» մասնաճիւղին եւ որպէս ատենապետուհի իր ներդրումը բերած է ընկերային-հասարարական ոլորտին մէջ։
Ծնեալ Տէտէեան ( 1944-ին Պէյրութ) տիկին Երանուհին մայր էր երեք որդիներու ՝ Իշխան, Խաժակ եւ Յակոբ, որոնք բոլորն ալ կազմած են հայեցի շունչով ընտանիքներ եւ մասնակից եղած են Լիբանանի ազգային-միութենական կեանքին։
Հանգուցեալ Տիկին Երանուհիի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր կէսօրին Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ուրկէ պիտի փոխադրուի Ֆըրն Ալ Շըպաքի ազգային գերեզմանատուն։