image

Պէյրութի մէջ. Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հանդիպումը. Հայահոծ թաղամասերու իրավիճակը հիմնական օրակարգ

 Պէյրութի մէջ. Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հանդիպումը. Հայահոծ թաղամասերու իրավիճակը հիմնական օրակարգ

Օրերս Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած է Լիբանանի հայկական աւանդական կուսակցութեան ՝ ՀՅԴ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչներու հանդիպումը։ Ուշագրաւն այն է, որ օրակարգային քննարկումներու շարքին խօսակցութեան նիւթ հանդիսացած է Լիբանանի հայահոծ շրջաններու անվտանգութեան ընդհանուր իրավիճակը։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողաց կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած «Ազդակ»ի կողմէ հրապարակուած լրատւութիւնը 

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հերթական նիստ գումարեցին երկուշաբթի, 26 փետրուար 2024-ին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։

Օրակարգը կը ներառէր շրջանային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները, հարաւային Լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմը եւ լիբանանահայութեան առնչուած խնդիրներ։

Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները անդրադարձան Կազայի մէջ տեղի ունեցող զանգուածային ջարդերուն, որոնք կ՛իրականանան միջազգային ընտանիքին լուռ ականատեսութեան եւ կրաւորականութեան դիմաց։ Ընդգծուեցաւ համեմատութիւնը Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի գործադրած ցեղասպանական քաղաքականութեան հետ եւ այդ առումով հաստատուեցաւ Ազրպէյճանի անպատժելիութիւնը։

Ապա ժողովականները քննեցին Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, հարաւային Լիբանանէն դէպի այլ քաղաքներ եւ շրջաններ անցում կատարող զինուորական յարձակումներու խորապէս մտահոգիչ մագլցողականութիւնը։ Ճգնաժամի այս պայմաններուն մէջ, անոնք շեշտեցին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը, միաժամանակ խիստ անհրաժեշտ նկատելով համալիբանանեան համախոհութեան հիմքի վրայ թեկնածուի ճշդումը։

Ժողովականները կեդրոնացան լիբանանահայութեան այսօրուան խնդիրներուն, կրթական մարզին, կազմակերպ կեանքէն եւ անոր համապատասխան կառոյցներէն հեռացումի, օտարումի եւ հոգեւոր, մշակութային առումով որակի անկումի աղաղակող երեւոյթներուն վրայ։ Այս բոլորին առընթեր քննութեան առարկայ դարձան հայահոծ թաղամասերու գաղթականական հոսքի, ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան եւ անոնց հետ կապուած ընկերային խնդիրները։

Լիբանանեան կուտակուող ճգնաժամերու հետեւանքով համայնքին դիմագրաւած սուր խնդիրներու յաղթահարման փորձերուն առաջադրանքը նկատուեցաւ բոլոր հայկական շրջանակներու գերխնդիրը, հետեւաբար լուսարձակի տակ առնուեցան համակարգուած աշխատանքներ ծրագրելու կարելիութիւնները։

Ժողովը որոշեց Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկները միացեալ մարմինով կազմակերպել եւ վերը նշուած հարցերուն թէ ձեռնարկներու ծրագրման ու իրականացման յատկացուած օրակարգերով հերթական յաճախականութեամբ շարունակել հանդիպումները: