image

Պէյրութի կեդրոնին մէջ ցուցարարները փորձած են գրաւել կառավարական պալատը. կիրառուած է արցունքաբեր կազ

Պէյրութի կեդրոնին մէջ ցուցարարները փորձած են գրաւել կառավարական պալատը. կիրառուած է արցունքաբեր կազ

Չորեքշաբթի Պէյրութի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է բողոքի զանգուածային ցոյց՝ պայմանաւորուած աշխատողներու ընկերային վիճակի վատթարացմամբ։

Ինչպէս հաղորդած է ԹԱՍՍ-ի թղթակիցը դէպքի վայրէն, ցոյցի մասնակիցները, որոնք հաւաքուած էին Ռիատ ալ Սոլհի հրապարակը, փորձած են գրաւել Սարայի կառավարական պալատը։ Անոնց արգելափակած են ոստիկանական ուժերը, որոնք արցունքաբեր կազ կիրառած են ցուցարարներու դէմ, որու հետեւանքով ցուցարարներէն մի քանին վիրաւորուած են։

«Հազարաւոր մարդիկ հրապարակ եկած են արհմիութիւններու կոչով: Լիբանանցիները վրդոված են ազգային արժոյթի փլուզման պատճառով գիներու աննախադէպ աճէն»,-ըսած է ցուցարարներէն մէկը՝ ճարտարապետ Հուսէյն Համուտը:

Անոր խօսքով՝ «կառավարութիւնը ոչինչ կ'ընէ իրավիճակը բարելաւելու համար, ուստի ժողովուրդը դուրս եկած է փողոց՝ պաշտպանելու իր իրաւունքները»։

Երեքշաբթի լիբանանեան լիրան իջած է մրցանշային նուազագոյնի` մէկ ԱՄՆ տոլարի դիմաց 100 000-էն հասնելով 120 000-ի: 2019 թուականի հոկտեմբերէն, երբ երկիրը յայտնուած է աննախադէպ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամի մէջ, տոլարը 80 անգամ արժեւորուած է լիբանանեան լիրայի նկատմամբ։