Լիբանանահայ մտաւորական ընտրանին, հայ գաղթօճախներու ապագայով մտահոգ ընթերցողներ, հայրենասէրներ, ունկնդիրներ հաւաքուած էին Չորեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան« Նոր Հաճնոյ Հ.Կ.Բ.Մ.-ի դարմանատան սրահին մէջ, ներկայ ըլլալու շահեկան դասախօսութեան մը: Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած, գլխաւորաբար հայկական Կիլիկիայէն եւ Ալեքսանտրէթի ՙՍանճագ՚-էն անցեալ դարու 20-ական թուականներուն, հեռաւո՜ր Ուրուկուէյի ափերը ապաստանած հայորդիներու մասին էր, որ զեկուցեցին լրագրող Համօ Մոսկոֆեան եւ Տոքթ. Էտի Ռագուպեան:2014-ին ապրիլեան ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրերուն, որպէս ՙԴիտակ՚ հեղինակաւոր ամսագրի թղթակիցներ` անոնք այցելեցին Մոնթեվիտէօ եւ ժամանման առաջին երեկոյին իսկ դասախօսութեամբ հանդէս եկան Ուրուկուէյի մայրաքաղաքի, Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնին մէջ (Սանթրօ), կազմակերպութեամբ նուիրեալ հայրենասէր Տիէկօ Գարամանուկեանի եւ վաղամեռիկ Տոքթ. Մարսէլ Քէօշկերեանի:Երեկոյին բացումը կատարեց ՙԱրարատ՚ օրաթերթի տնօրէնուհի Տիկ. Անի Սարաֆեան Եփրեմեան, որ ներկաներուն ծանօթացուց օրաթերթի կատարած աշխատանքները, եւ յիշեցուց թէ այս հանդիպումը տարեշրջանի առաջին հանդիպումն է եւ խոստացաւ թէ պիտի շարունակուին նման հանդիպումներ տարուան ընթացքին:
Ապա ան նշեց թէ, մենք վերապրած ժողովուրդի մը զաւակներն ենք եւ աշխարհի չորս անկիւններուն մէջ արմատներ ձգած ենք, ստեղծած ենք համայնքներ եւ այսօրուան դասախօսութիւնը կը վերաբերի այդ համայնքներէն, Ուրուկուէյի հայութեան:
Ան , դասախօսութեան մասնակից հիւրերը ներկաներուն ծանօթացնելէ ետք, բեմ հրաւիրեց Տոքթ. Էտի Ռագուպեանը «որ նեկայացուց իր տպաւորութիւնը այդ հիւրընկալ ՙդրախտ-երկիր՚ Ուրուկուէյի մասին: Զեկուցեց այնտեղ ապրող բնակչութեան եւ հայութեան կենցաղին մասին, սովորութիւններուն, աշխարհագրական դիրքին ու դերին Լատինական Ամերիկայի մէջ:
Ապա միջազգային լրագրող Համօ Մոսկոֆեան պատմեց իրենց կատարած պատմական առաքելութեան« ճամբորդութեան մանրամասնութիւնները« որպէս ՙսրտի ու խղճի՚ պարտք այն հազարաւոր Ցեղասպանութենէն վերապրած ու այդ ովկիանոսեան ափերը ապաստանած հայերուն մասին, որոնցմէ շատեր ունին բազմաթիւ հարազատներ այսօր` Պէյրութի թէ Միջին Արեւելքի քաղաքներուն մէջ:
Նկարագրուեցաւ նաեւ 23 Ապրիլ 2014-ին Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած դասախօսական հանդիպումը« որուն մասնակից էին հայ բոլոր կուսակցութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք յաջորդ օրը` զանգուածային կերպով, Ուրուկուէյի քաղաքական, ազգային, մշակութային ղեկավարութեան մասնակցութեամբ` գիշերային քայլարշաւի մասնակցեցան Մոնթէվիտէոյի գլխաւոր պողոտային վրայ, հանգրուանելով անկախութեան հրապարակ:
Ապա մի քանի օր յետոյ` հանդիպումներ թուրք նշանաւոր հայասէր մտաւորական ու գրող Ռագիպ Զարաքոլուի ու Պոլիվիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ընդունիլ տուած քիւրտ մտաւորական Մեհմէտ Տօղանի հետ, հարցազրոյցներ ՙՌատիօ Արաքս՚-ի ՙամենահաս՚ Տիէկօ Գարամանուկեանի աջակցութեամբ, ՙպատմական՚ հանդիպումներ երկրի զբօսաշրջութեան հայազգի նախարարուհի Լիլիամ Քէշիշեանի, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնադիր, փոխ-նախարար Տէ- Թրինիտոտի, Ուրուկուէյի գեղեցկուհի հայուհի Ժոաննա Կարապետեանի եւ բազմաթիւ այլ դէմքերու հետ:
Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ ֆիլմի ցուցադրութիւն, որմէ ետք հիւրերն ու ներկաները շնորհաւորեցին կազմակերպիչները եւ դասախօսները ու ակամայ մեկնեցան այս յիշարժան երեկոյէն: