image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութցիները Այսօր Դարձեալ Ցոյցի

Պէյրութցիները    Այսօր Դարձեալ Ցոյցի

Լիբանան-  Պէյրութ    այսօր դարձեալ թատերաբեմ պիտի ըլլայ բողոքի   ցոյցերու: Նշենք, որ  ցոյցին կը  մասնակցին  երկրի քաղաքացիական  տարբեր խմբաւորման անդամ երիտասարդներ: Անոնց հիմնական  առաջարկն է  ժամ առաջ  լուծել  աղբահանութեան հարցը եւ  այդ խնդիրը վստահիլ քաղաքապետութիւններուն: Նոյն  ժամերուն  խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի հրաւէրով   խորհրդարանին մէջ պիտի   կայացուի   երկխօսութեան նիստ, որուն  բացի  «Լիբանանեան ուժեր»էն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  երկրի քաղաքական գլխաւոր ուժերը:  Ըստ լրատուական  աղբիւրներու  այսօրուան  բողոքի  ցոյցերը կրնան  ըլլալ  մեծածաւալ   տրուած ըլլալով, որ    երկրի  աշխատաւորներու  եւ ուսուցիչներու սենտիքաները   եւս     իրենց համամտութիւնը յայտնած են մասնակցելու  բողոքի  հաւաքներուն: