Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի տեղեկատուական գրասենակէն վերահասու դարձանք, թէ
23-րդ տարին ըլլալով, Մեսրոպեանի Ովասիս ամառնային ծրագիրը կայացած է մեծ յաջողութեամբ
25 Օգոստոս 2023-ին Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի ՈՎԱՍԻՍ ամառնային ծրագիրի եզրափակիչ հանդէսը, ներկայութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան պատասխանատու հոգեւորականներուն, ծնողներու եւ բարեկամներու։
2023-ի «Ովասիս»ին բացումը տեղի ունեցած էր 4 Յուլիսին․ այդ օր, 23-րդ տարին ըլլալով, լիբանանահայ պատանիներու եւ պարմանուհիներու սիրելի ամառնային ծրագիրը մեկնարկեց` 114 մասնակիցներով։
23-րդ «Ովասիս»ը երկարեցաւ 8 շաբաթներու վրայ, որուն ընթացքին մասնակից մանուկներն ու պատանիները տարբեր խմբակներու մէջ զբաղեցան մարզական եւ այլ խաղերով, նկարչութեամբ, ռոպոթիքսի եւ SEMAS հաշուողական դրութեան դասընթացքներով, ձեռային աշխատանքներով, երգով ու պարով, ինչպէս նաեւ վայելեցին արտագնայ պտոյտներ դէպի լողաւազաններ եւ խաղավայրեր։ Անգամ մը եւս «Ովասիս»ը ինքզինք հաստատեց որպէս ամառնային արձակուրդի իտէալական միջավայրը 3-էն 12 տարեկան մանուկներուն եւ պատանիներուն համար, արհեստավարժ մանկավարժներու հսկողութեան տակ: Իսկ հաշուի առնելով մանուկներու կարիքները եւ ծնողներու դիմումները, Մեսրոպեան վարժարանը այս տարի եւս 3-6 տարեկաններու համար կազմակերպեց 2 շաբթուան յատուկ ծրագիր մը՝ Փոքր Ովասիսը, նախքան բուն ծրագիրին սկսիլը:
Փակման հանդիսութեան խօսք առաւ «Ովասիս»ի պատասխանատու տիկին Քարոլին Թերզեան, որմէ ետք ովասիսականները ներկայացուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը հայկական, հնդկական եւ արաբական պարերով եւ փունջ մը երգերով, որոնցմէ մէկը նուիրուած էր Արցախին, առ ի զօրակցութիւն պաշարման մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն:
Փակման խօսքին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ գոհունակութիւն արտայայտեց, «Ովասիս» ամառնային ծրագիրը այս տարի եւս կայացաւ եռանդով եւ արդիւնաւէտութեամբ, ինչ որ յստակ պատգամ մըն է այն մասին, որ Մեսրոպեանի յարկին տակ կրթական բնոյթի բոլոր աշխատանքները կը շարունակուին անխափան՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Այս առիթով, ան մեծապէս գնահատեց «Ովասիս»-ի կազմակերպիչ պատասխանատուներուն, անձնակազմի բոլոր անդամներուն եւ օգնականներուն նուիրումը՝ ի խնդիր լաւագոյն արդիւնքի իրականացման։ Պարոն Գալուստ նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց այն մասին, որ SEMAS հաշուողական դրութեան ուսուցումը մաս կազմեց «Ովասիս»-ի ծրագիրին, հաշուի առնելով անոր օգուտները աշակերտներուն մտային կարողութիւններու զարգացման համար։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Փրօ Պայք հաստատութեան տէր եւ տնօրէն պարոն Սագօ Նալպանտեանին, որ տարիներէ ի վեր սիրայօժար հեծանիւներ կը տրամադրէ Ովասիսի մասնակիցներուն՝ ծրագիրին ընթացքին:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ովասիսական ուրախ տրամադրութիւններով՝ ապագայի հանդէպ յոյսի եւ հաւատքի ամրապնդումով։
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի