image

Պետութիւնը չի կրնար բոլոր յանցագործութիւնները կանխել. նախարարը՝ Փարաքարի համայնքապետի սպանութեան մասին

Պետութիւնը չի կրնար բոլոր յանցագործութիւնները կանխել. նախարարը՝ Փարաքարի համայնքապետի սպանութեան մասին

Փարաքարի համայնքապետի դաժան սպանութենէն անցած է մէկ օր, սակայն դեռ յանցագործը չէ յայտնաբերուած, որեւէ մէկը չէ ձերբակալուած: Լրագրողներն այսօր կառավարութեան նիստէն ետք Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանէն հետաքրքրուած են, արդեօք սա ի՞նչ կը նշանակէ, որ իրաւապահ համակարգն արդիւնաւէտ չաշխատիր, նախարարը պատասխանած է.

«Աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը չափելու համար մենք պէտք է որոշ ժամանակ սպասենք: Պէտք է սպասել այնքան, ինչքան անհրաժեշտ է, որպէսզի արդիւնք ունենանք»:

Սեպտեմբեր 23-ին՝ ժամը 23.52-ին Արմաւիրի մարզի Մերձաւան բնակավայրի Երեւանեան խճուղիին մէջ կրակոցներ հնչած են։ Կայ 2 զոհ, 1 վիրաւոր։ Մահացածներէն մէկը Փարաքար համայնքի ղեկավար Վալոդիա Գրիգորեանն է։

Անդրադառնալով հարցին, արդեօք հնարաւոր չէ՞ր կանխել այդ յանցագործութիւնը, նախարարն ըսած է, որ պետութիւնը չի կրնար բոլոր յանցագործութիւնները կանխել.

«Մենք դեռ չգիտենք, թէ յանցագործութիւն կատարած անձիք ովքեր են, պատուիրատուներն ովքեր են, եթէ կան այդպիսիք, չգիտենք յանցագործութեան մոտիվը որն է, արդեօք դա անձնական է, կապուա՞ծ է անձի ծառայողական պարտականութիւնների կատարման հետ: Մենք չունենք որեւէ ելակէտ, որպէսզի քննարկենք պատճառները, կամ ասենք, թէ այսինչ մարդիկ իրենց գործում թերացել են՝ դէպքը կանխելու համար»,-ըսած է Գալեանը:

Լրագրողի դիտարկման, որ նման յանցագործութիւններու լոյսին տակ քաղաքացիները կը սկսին իրենց անվտանգ չզգալ Հայաստանի մէջ, նախարարն արձագանգած է.

«Քաղաքացին խնդիր չունի իրեն անվտանգ չզգալու, քանի որ մինչ այս պահը համատարած յանցագործութիւնների վերաբերեալ որեւէ տուեալ մենք չենք ունեցել: Իսկ առանձին դէպքեր եղել են, կան եւ մարդկանց բնոյթն ու էութիւնը հաշուի առնելով կ՚ասեմ, որ լինելու են»: