Մինսքը մշտապէս կողմ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ Այս մասին յայտարարած է Պելառուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անատոլի Կլազը՝ պատասխանելով ՀՀ ԱԳՆ-ին, որ այսօր արձագանգած էր Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի յայտարարութեան։
«Գիտէք, ՀՀ ԱԳՆ-ն բաւական իւրօրինակ դիրքորոշում յայտնած է։ Իր դաշնակիցներու նկատմամբ պարտաւորութիւններուն հաւատարմութիւնը կ'արտայայտուի ոչ թէ խօսքերով, այլ գործով։ Մասնագիտական չէ այդ ակնյայտ փաստը կասկածի տակ դնելը։ Պարկեշտութիւնը մեր արտաքին քաղաքականութեան գիծերէն մէկն է։ Ուստի հետագային եւս մեր գործընկերներն ու դաշնակիցները պէտք է վստահ ըլլան այդ առումով։ Եթէ այլ երկիրներ եւս իրենց այդպէս պահէին, շատ խնդիրներէ հնարաւոր կ'ըլլար խուսափիլ։
Բացարձակ հասկնալի է, որ Պելառուսիոյ նախագահի հնչեցուցած մօտեցումները հիմնուած են իրականութեան վրայ, դաշնակցային առումով հասկնալի են ու ազնիւ։ Ճիշդ այդ կերպ՝ առանց քաղաքական խաղերու եւ հնրաքներ բանեցնելու, պէտք է քննարկել հարցերը, երբ խօսքը մարդոց կեանքերու ու ճակատագրերու մասին է»,-ըսած է Կլազ։
ԱԳՆ-էն նշած են, որ առցանց ձեւաչափով կայացած գագաթաժողովին ներկայ Փաշինեանը պատասխանած է իր գործընկերներուն։
«Ինչո՞ւ ՀՀ ԱԳՆ-ն ուշացած կը մեկնաբանէ։ Յիշեցնեմ, որ պելառուսական կողմը հետեւողականօրէն հանդէս կու գայ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման օգտին եւ էական ջանքեր գործադրած է թէ բազմակողմ, թէ երկկողմ ձեւաչափերով՝ հարցի լուծման համար։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախկին ու ներկայ առաջնորդները երախտապարտ են Պելառուսիոյ ղեկավարին՝ խաղաղութեան անկեղծ ցանկութեան եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով անձնական ներդրման համար։ Մեր բարեկամներուն եւ գործընկերներուն կոչ կ'ընենք ուշադիր լսելու Պելառուսիոյ նախագահի ելոյթը»,-ըսած է Կլազ։