Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհէնը Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովը հրաւիրած է Իսրայէլ: Իր թուիթըրեան գրառմամբ ան յայտնած է, որ հեռախօսազրոյց ունեցած է Պայրամովի հետ:
Այս մասին յայտնած է «Ազատութիւն»ը։
«Մենք կ'ամրապնդենք կապերը Ատրպէյճանի հետ։ Այսօր ես զրուցած եմ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, որ շնորհաւորած է ինձ պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։ Ես հրաւիրած եմ նախարարը Իսրայէլի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան բացման կապակցութեամբ»,- գրած է Քոհէնը։