image
Հրատապ լուրեր:

Պայմանագրային զինծառայողի մահուան դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ

Պայմանագրային զինծառայողի մահուան դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ

Զինծառայող Արմէն Գասպարեանի մահուան դէպքի առթիւ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է սպանութեան յատկանիշներով: Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ քննչական կոմիտէն։

Պայմանագրային զինծառայողի մահուան մասին աւելի վաղ տեղեկացուցած էր ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Ըստ ՔԿ–ի`«յունիս 14-ին ՀՀ ՊՆ ՌՈ Սիսիանի բաժնից հաղորդում է ստացուել, որ նոյն օրը՝ ժամը 08:20-ի սահմաններում, ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքում յայտնաբերուել է պայմանագրային զինծառայող Արմէն Գուրգէնի Գասպարեանի դին՝ գլխի շրջանում հրազէնային գնդակային վիրաւորումով:

Դէպքի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան երրորդ կայազօրային քննչական բաժնում ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 155-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով (սպանութիւն) նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջանակներում ձեռնարկուել են քննչական եւ վարութային անյետաձգելի գործողութիւններ, այդ թւում՝ դէպքի վայրի եւ դիակի զննութիւն»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Քրէական վարոյթով էական հանգամանքներ պարզելու նպատակով նշանակուած են շարք մը փորձաքննութիւններ:

Կը կատարուի նախաքննութիւն: Կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ միջոցառումներ դէպքի հանգամանքները ամբողջութեամբ պարզելու ուղղութեամբ: