image

«Պատրոն Դաւո»ն պիտի մնայ կալանքի տակ

«Պատրոն Դաւո»ն պիտի մնայ կալանքի տակ

Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Ժորա Չիչոյեանի, որոշած է եւս 2 ամսով երկարաձգել զէնքի վաճառքով զբաղող Դաւիթ Գալստեանի՝ «Պատրոն Դաւոյի» կալանքի ժամկէտը:

Այս մասին այսօր՝ ապրիլ 5-ին, NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Գալստեանի փաստաբան Արմէն Անդրիկեանը:

Յիշեցնենք, որ Գալստեանը կալանաւորուած է յունուար 31-ին: Քրէական վարոյթի բովանդակութիւնը գաղտնի կը պահուի թէ՛ իրաւապահներու, եւ թէ՛ Գալստեանի փաստաբաններու կողմէ:

Նշենք, որ Դաւիթ Գալստեանը կ'անցնի նաեւ անպիտան հրթիռներ ձեռք բերելու գործով: Ան այդ գործով տեւական ժամանակ կալանաւորուած էր, եւ ազատ արձակուած էր գրաւի դիմաց: