Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սիւնոտոսը Հռոմի մէջ է՝ ձեռնարկելու իրենց եկեղեցւոյ պատրիարք ընտրելու երկրորդ փորձին։
Եպիսկոպոսները Լիբանանի մէջ հանդիպած են երկու շաբթուայ ընթացքին՝ 22 Յունիսէն սկսեալ, սակայն ոեէւ թեկնածու չէ հաւաքած ձայներուն 2/3-ը։
Այդքան ձայն անհրաժեշտ է Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի. Ղապրոյեանը փոխարինելու համար, որ 25 Մայիսին վախճանած էր Պէյրութի մէջ: Եկեղեցական օրէնսդրութեան համաձայն՝ անյաջող ընտրութիւններէ ետք եպիսկոպոսները դիմած են Ֆրանչիսկոս պապին։ Վերջինս խնդրած է անոնցմէ հաւաքուիլ Հռոմի մէջ եւ կրկին սկսիլ ընտրական գործընթացը 22 Սեպտեմբերէն ետք՝ աղօթքէն եւ մտորումներէն 2 օր անց։