image

Պատրաստ ենք առանց նախապայմաններու վերսկսիլ ԱՄՆ-ի հետ երկխօսութիւնը. Ռուսիա

Պատրաստ ենք առանց նախապայմաններու վերսկսիլ ԱՄՆ-ի հետ երկխօսութիւնը. Ռուսիա

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ալեքսանտր Կրուշքօ յայտարարած է, որ իր երկիրը պատրաստ է վերսկսիլ ԱՄՆ-ի հետ երկխօսութիւնները, սակայն առանց Ուաշինկթընի կողմէ ներկայացուած նախապայմաններու, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Եւրոպական ընկերութիւններու համախմբման 15-րդ համագումարի առթիւ ելոյթ ունեցած Կրուշքօ շեշտած է, որ Ռուսիա կը ցանկայ անգամ մը եւս հաստատել, որ ինք պատրաստ է երկխօսութեան եւ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ համագործակցութեան: