image

Մոսկուան յոյս ունի, որ «3+3» ձեւաչափի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մօտ ապագային. Լաւրով

Մոսկուան յոյս ունի, որ «3+3» ձեւաչափի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մօտ ապագային. Լաւրով

Մոսկուան յոյս ունի, որ «3+3» խորհրդատուական տարածաշրջանային ձեւաչափի (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան գումարած Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա) հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մօտ ապագային, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով։

«Այս հարթակի մասնակիցները պայմանաւորուած են առաջ մղել միաւորող օրակարգը: Յոյս ունինք, որ մօտ ապագային տեղի պիտի ունենայ հերթական հանդիպումը այս ձեւաչափով»,- ըսած է Լաւրով Եւրասիական անվտանգութեան չորրորդ Մինսքի միջազգային համաժողովի բարձր մակարդակի լիագումար նիստին:

Նշենք, որ Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ համագործակցութեան հարցերով խորհրդատուոււթիւններու վեցակողմ (Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան) ձեւաչափ գործարկել առաջարկած են 2020 թուականի վերջին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւն ու Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը: Վրաստանին բազմիցս հրաւիրած են մասնակցելու այս ձեւաչափին, սակայն ան դեռ չէ միացած անոր աշխատանքին:

Այս ձեւաչափով վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 18 հոկտեմբեր, 2024-ին Սթանպուլի մէջ: