Իրանի Ահուազ քաղաքին մէջ տղամարդը մարդաշատ հրապարակի մէջ գլխատած է իր 17-ամեայ կինը, ապա զբօսնած է կնոջ գլխուն հետ։
Կինը ամուսինէն հեռացած եւ մեկնած էր Թուրքիա։ Զայն Իրան վերադարձնելուն օգնած է աղջկան հայրը։ Հրապարակին մէջ կինը սպաննելուն օգնած է անոր եղբայրը։ Երկուքն ալ նոյն օրը բերման ենթարկուած են։
Ոստիկանութեան տուեալներով՝ տղամարդը յայտնած է, որ իր կինը սպաննած է «ընտանեկան խնդիրներու» պատճառով, սակայն չէ նշած՝ ինչ խնդիրներ են անոնք։
Կը նշուի, որ 14 տարեկանին կինը ծննդաբերած է։ Իրաւապաշտպանները կը կարծեն, որ սա տիպիկ պատուի սպանութիւն է։ Իրանի Սահմանադրութեան 630-րդ յօդուածին համաձայն՝ ամուսինը իրաւունք ունի սպաննելու իր կինը, եթէ ականատես եղած է «փոխադարձ համաձայնութեամբ անհաւատարմութեան»։
Ահուազի մէջ տեղակայուած կանանց իրաւունքներու հարցերով զբաղող հասարակական կազմակերպութեան տուեալներով՝ վերջին երկու տարուան մէջ մօտ 60 կին, անոնց շարքին՝ 10-15 տարեկան աղջիկներ, պատիւը պաշտպանելու համար սպանութեան զոհ դարձած են։ Յանցագործներէն ոեւէ մէկը քրէական պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած, քանի որ ընտանիքներուն մեծ մասը նոյնիսկ դատարան չէ դիմած։