2024-ին աշխարհի մէջ առնուազն 8,938 ներգաղթեալ զոհուած է՝ փորձելով հասնիլ այլ երկիրներ։ Ինչպէս նշած է Գաղթի միջազգային կազմակերպութիւնը իր զեկոյցին մէջ, սա մէկ տարուան ընթացքին մահացութեան ամենաբարձր ցուցանիշն է՝ 2024 թուականը դարձնելով ամենամահաբեր տարին ներգաղթեալներու համար։
Միեւնոյն ժամանակ, կազմակերպութեան փորձագէտները կը կարծեն, որ այդ թիւերը վերջնական չեն, եւ «ներգաղթեալներու մահերու եւ անհետացման իրական թիւը, ամենայն հաւանականութեամբ, շատ աւելի մեծ է»։
Գաղթի միջազգային կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ նշուած է, որ հինգերորդ տարին անընդմէջ գաղթի ճանապարհներուն մահացողներու թիւը կ՚աւելնայ։ Նախորդ հակամրցանիշը գրանցուած էր 2023 թուականին, երբ զոհուած էր 8,747 մարդ։ 2024 թուականին ներգաղթեալներու մահուան ամենաշատ դէպքերը գրանցուած են Ասիոյ մէջ (2,778) եւ Ափրիկէի մէջ (2,242):
Առնուազն 2,452 ներգաղթեալ զոհուած է Միջերկրական ծովն անցնելու ժամանակ։ Անոնց զոհուելու կարեւոր գործօններէն մէկը բռնութիւնն է, որուն անոնք կը բախին ճանապարհին: