Fitch Ratings միջազգային վարկանիշային գործակալութիւնը հաստատած է Հայաստանի` արտարժոյթով երկարաժամկէտ թողարկողի տիֆոլթի «B+» վարկանիշը` «կայուն» հեռանկարով:
Վարկանիշի պահպանման հիմքն են, մէկ շունչի հաշուով բարձր եկամուտը, կառավարման եւ ձեռնարկատիրութեան միջավայրի որակը, մաքրոտնտեսական եւ հարկապիւտճէական քաղաքականութեան յուսալի հիմքը, ինչպէս նաեւ՝ բարեփոխումներու իրականացման ամուր յանձնառութիւնը: Այս ուժեղ կողմերուն կը հարկադրուին բարձր արտարժութային պետական պարտքը, համեմատաբար թոյլ արտաքին ֆինանսները եւ աշխարհաքաղաքական վտանգները:
Միջազգային վարկանիշային գործակալութենէն կանխատեսած են, որ Հայաստանի վրայ բացասաբար պիտի ազդեն Ռուսաստանի ճգնաժամի հետեւանքները՝ հաշուի առնելով երկու երկիրներու տնտեսութիւններուն միջեւ առկայ կարեւոր կապերը, սակայն Fitch կ'ակնկալէ, որ ֆինանսաւորման տարբերակներն ու երկարաժամկէտ առեւտրային պարտքի պատկերը կրնան օգնել Հայաստանին՝ յաղթահարելու ցնցումը առանց վճարունակութեան լուրջ վատթարացման: