image

Ուքրանիոյ պատերազմը չի կրնար հետեւանքներ չունենալ Հայաստանի ու տարածաշրջանին համար. Մաքրոն

Ուքրանիոյ պատերազմը չի կրնար հետեւանքներ չունենալ Հայաստանի ու տարածաշրջանին համար. Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահը Չորեքշաբթի երեկոյեան Փարիզի մէջ «Յաւակնութիւններ. Հայաստան-Ֆրանսա» համաժողովին իր ելոյթը սկսաւ ռուս-ուքրանական պատերազմին մասին խօսելով: Ռուսաստանը պատերազմը բերաւ Եւրոպա, եւ այդ չի կրնար հետեւանքներ չունենալ Հայաստանի ու ամբողջ տարածաշրջանին համար, շեշտեց Էմանուէլ Մաքրոն` նշելով, որ այս հարցը քննարկած է Հայաստանի վարչապետին հետ:

«Պէտք է աչալուրջ ըլլալ: Այս իրավիճակին մէջ պէտք չէ մոռնանք 2020 թուականի աշունը: Այստեղ ալ ամէն ինչ լուծուած չէ եւ շատ ընելիքներ կան», յայտարարեց նախագահ Մաքրոն:

Վարչապետ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Ֆրանսայի` Հայաստանին յայտնած համերաշխութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ Ֆրանսայի ու ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի միւս համանախագահներուն միջնորդական ջանքերով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կը հաստատուի եւ կը նպաստեն հաղորդակցութեան ուղիներու բացման:

«Այս ծիրին մէջ կը ցանկանայի վերահաստատել Հայաստանի բարձր գնահատականը Ֆրանսայի` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահի, կարեւոր դերակատարութեանը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացում, եւ յոյս յայտնել, որ միւս համանախագահների հետ համատեղ միջնորդական ջանքերը թոյլ կու տան խաղաղութիւն հաստատել տարածաշրջանում եւ նպաստել հաղորդակցութեան ուղիների բացմանը ու տնտեսական համագործակցութեան խթանմանը»,  նշեց վարչապետը: