image

Պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ուքրանիան ունի 120 հազար զոհ

Պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ուքրանիան ունի 120  հազար զոհ

Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն Տէր Լեյընը յայտարարած է, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ուքրանիոյ զինուած ուժերը կորսնցուցած են 100 000 մարդ։ Անոր խօսքով՝ զոհուած է նաեւ աւելի քան 20 000 խաղաղ բնակիչ: Այս տեղեկութիւնը Ֆոն Տէր Լեյընը հրապարակած է Թուիթըր տեղադրուած տեսաուղերձով։

Անոր խօսքով՝ Ռուսիան պէտք է պատասխան տայ իր սարսափելի յանցագործութիւններուն համար:

«Այս պատճառով մենք, աջակցելով Միջազգային քրէական դատարանին, կ'առաջարկենք հիմնել մասնագիտացուած դատարան, որ կ'ունենայ ՄԱԿ-ի աջակցութիւնը եւ կը հետաքննէ ու կը դատապարտէ Ռուսիոյ յարձակումներու յանցանքները», - ըսած է ԵՄ պաշտօնեան:

Յունիսին Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակէն յայտնած էին, որ իրենց զօրքերու կորուստը կը գնահատուին մօտ 10 000 մարդ։ Միաժամանակ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Միխայիլ Փոտոլեակը յայտնած էր, որ օրական 100-էն 200 զինուոր կը մահանայ։ Օգոստոսին Ուքրանիոյ զինուած ուժերը յայտնած էին, որ վեց ամսուայ ընթացքին մօտ 9000 ուքրանացի զինուոր մահացած է։