Պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան սրումէն ի վեր աւելի քան 20 լրագրող է զոհուած է։ Ինչպէս գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, այս մասին հոկտեմբեր 20-ին յայտնած է Լրագրողներու պաշտպանութեան միութիւնը։
Ըստ միութեան հրապարակած զեկոյցի՝ հոկտեմբեր 20-ի դրութեամբ առնուազն 22 լրագրողի անուն ընդգրկուած է երկու կողմէ զոհուած աւելի քան 4 հազար անձանց ցանկին մէջ։
Ինչպէս նշած է կազմակերպութիւնը, Իսրայէլի ցամաքային գործողութիւններու նախաշեմին, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան անջատումներու ու Իսրայէլի կործանարար օդային հարուածներու լոյսին տակ յատկապէս վտանգուած են Կազայի հատուածին մէջ գտնուող ու հակամարտութիւնը լուսաբանող լրագրողները։
Համաձայն զեկոյցի՝ զոհուած 22 լրագրողէն 18-ը պաղեստինցի են, երեքը՝ իսրայէլցի, մէկը՝ լիբանանցի։ Բացի այդ, հակամարտութեան լուսաբանման ընթացքին լրատուամիջոցներու 8 աշխատակից վիրաւորուած է, իսկ 3-ը կը համարուին անհետ կորսուած կամ կալանաւորուած։