image

Պաշտպանութեան ոլորտի մէջ հայ-բրիտանական համագործակցութեան ծրագիր

Պաշտպանութեան ոլորտի մէջ հայ-բրիտանական համագործակցութեան ծրագիր

Նոյեմբեր 29-ին, Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած են հայ-բրիտանական 6-րդ պաշտպանական ռազմավարական խորհրդակցութիւնները։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Լոնտոն մեկնած հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանը։ Խորհրդակցութիւններուն ներկայ եղած է նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսէսեանը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեանն ու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։

«Կողմերը հանգամանօրէն քննարկել են երկկողմ ռազմական համագործակցութեան ներկայիս ընթացքն ու զարգացման հեռանկարները»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Խորհրդակցութիւններու աւարտին պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են։ Լեւոն Այվազեանը եւ Միացեալ Թագաւորութեան պաշտպանութեան նախարարութեան Ռուսիոյ, Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ քաղաքականութեան հարցերով տնօրէն Տէյվիտ Մորկանը ստորագրած են պաշտպանութեան ոլորտի մէջ հայ-բրիտանական համագործակցութեան 2023-2024 թուականներու ծրագիրը։

Կողմերը պայմանաւորուած են 7-րդ պաշտպանական ռազմավարական խորհրդակցութիւնները կայացնել Երեւանի մէջ։

Լեւոն Այվազեանը բրիտանացի գործընկերներուն ներկայացուցած է Հայաստանի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը, տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան ուղղուած հայկական կողմի քայլերը, այդ շարքին՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։

Ներկայացուած են նաեւ ՀՀ զինուած ուժերու մէջ ընթացող լայնածաւալ բարեփոխումները։