image

Պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի նկատմամբ հեռակայ քրէական վարոյթ յարուցուած է

Պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի նկատմամբ հեռակայ քրէական վարոյթ յարուցուած է

ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի նկատմամբ յարուցուած է հանրային նոր քրէական հետապնդում։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը։

Նշուած է, որ Վիգէն Սարգսեանը կը մեղադրուի նախարարութեան հաշուեկշռին մէջ գտնուող՝ Երեւան քաղաքի Հասրաթեան փողոցի բազմաբնակարան շէնքի բնակարաններու բաշխման գործընթացին մէջ 2018 թուականի յունուարին դիտաւորութեամբ լիազօրութիւններու շրջանակէն ակնյայտօրէն դուրս գտնուող գործողութիւններ կատարելու մէջ։

Այդպիսով ան էական վնաս պատճառած է անձանց իրաւունքներուն, օրինական շահերուն, ինչպէս նաեւ պետութեան օրինական շահերուն, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ:

«Մասնաւորապէս՝ պաշտպանութեան նախարարութեան հաշուեկշռում ընդգրկուած շէնքից բնակարանային պայմանների բարելաւման կարիք ունեցող զինծառայողներին անհատոյց օգտագործման իրաւունքով 71 բնակարան յատկացնելու նպատակով 2018 թուականի յունուարի 18-ին հրաւիրուած նիստին ընդառաջ անտեսելով կառավարութեան որոշմամբ հաստատուած կարգի պահանջները` նախարարութեան կեդրոնական բնակարանային յանձնաժողովի անդամներին նախկին նախարարը յանձնարարել է առաջիկայ նիստում բնակարաններ յատկացնել բնակարանային հաշուառման մէջ չգտնուող կամ ցուցակներում աւելի ուշ ընդգրկուած՝ իր կողմից նախընտրած 26 զինծառայողների, ինչպէս նաեւ նախարարութեան համակարգի՝ զինծառայող չհանդիսացող երեք անձանց»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հիմք ընդունելով յանձնարարութիւնը`յանձնաժողովը կայացուցած է ապօրինի որոշում:

Դատախազութիւնը որոշած է մեղադրեալ Վիգէն Սարգսեանի նկատմամբ իրականացնել հեռակայ վարոյթ: