image

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ Ուքրանիոյ hրթիռներ մատակարարելու լուրը

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ Ուքրանիոյ hրթիռներ մատակարարելու լուրը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ օտարերկրեայ եւ հայկական շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած լուրը, թէ Հայաստանը հրթիռներ կը մատակարարէ Ուքրանիոյ։

«Արմէնփրէս»-ի հարցին ի պատասխան՝ այս մասին ըսած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արամ Թորոսեանը։

«Պաշտպանութեան նախարարութեան համապատասխան ստորաբաժանումը մշտադիտարկում է ոլորտին առնչուող մամուլի հրապարակումները եւ մեկնաբանում կամ դրանց արձագանգում է ըստ անհրաժեշտութեան ու նպատակայարմարութեան: Տուեալ տեղեկութիւնը չի համապատասխանում իրականութեանը եւ հայաստանեան Զանգուածային լրատւութեան միջոցների գործընկերներին կոչ ենք անում օտարերկրեայ քարոզչական աղբիւրների՝ լրատուադաշտ նետած կեղծ թէզերը չշրջանառել»,- նշած է Թորոսեանը։